ՖՐԱՆՍԱ – Մեծ կողոպուտ. Լուվրէն գողցուած են Նափոլէոնի զարդերը

Հոկտեմբեր 19-ի առաւօտեան Փարիզի աշխարհահռչակ Լուվրի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ֆիլմերու վայել կողոպուտ։ Նկատի առած կողոպուտին տարողութիւնը՝ լուրը անձամբ յայտարարած է Մշակոյթի նախարար Ռաշիտա Տաթի։ Ան միաժամանակ հաստատած է, որ ոչ ոք մարմնական վնաս կրած է։ Այցելուները անմիջապէս դուրս հանուած են թանգարանէն, որ փակ մնացած է ամբողջ օրը։

Դատելով ապահովութեան տեսախցիկներու արձանագրութիւններէն՝  երեք յանցագործներ Նափոլէոնի եւ անոր կնոջ հաւաքածոյէն գողցած են ինը ցուցանմուշ, սակայն ամենամեծ ադամանդը՝ «Ռեժան»-ը, մաս չի կազմեր գողցուած իրերուն։

Ըստ Ներքին գործոց նախարարին՝ անգին զարդերը գողցուած են եօթը վայրկեանի մէջ։

Նոյնպէս, ըստ Parisien-ի՝ գողցուած զարդերէն մէկը վնասուած վիճակի մէջ յայտնաբերուած է թանգարանին մօտակայքը. կ՚ենթադրուի, որ ան Նափոլէոն Գ.-ի կնոջ՝ Էօժենի կայսրուհիի թագնէ։

Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ յանցագործները շէնք մտած են կողմնակի հատուածէն,– ուր կ՚ընթանան վերանորոգման աշխատանքներ,– բեռնատար վերելակով բարձրացած են «Ափոլլոն» ցուցասրահ, կողոպուտէն ետք ալ, ամենայն հաւանականութեամբ փախուստի դիմած են սքութերներով։