Ազգային ժողովի Մարտ 22-ի նիստին, երեսփոխանները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են 1920-ի Շուշիի ջարդերու զոհերուն յիշատակը։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այդ առաջարկը ներկայացուցած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Մամիջանեան:
“4-5 օր տեւած ջարդերի հետեւանքով շուրջ 20 հազար մեր հայրենակիցները մահացան։ Կարծում եմ, որ այսօրուայ զարգացումների, երէկ Արցախից եկող ազդակների համածիրի մէջ անհրաժեշտ է, որ աշխարհը տեսնի, որ մենք մեր պատմութիւնը շատ լաւ ենք յիշում”,– յայտնած է Մամիջանեան։