Ազերպայճանական աղբիւրներուն համաձայն՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ Օգոստոս 8-ին հանդիպում կ՚ունենան Ուաշինկթընի մէջ

Երեւան ո՛չ կը հեքէ եւ ո՛չ ալ կը հաստատէ լուրը

Ազերպայճանական աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում կ՚ունենան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեան ու Իլհամ Ալիեւ։

Սոյն տեղեկութիւնը Ուաշինկթընէն հրապարակած է լրագրող Ալեքս Ռաուֆօղլու։

«Հայաստան եւ Ազերպայճան պատրաստ են շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ տեսակցելու՝ խաղաղութեան հասնելու մտադրութեամբ։ Իմ աղբիւրները ինծի տեղեկացուցած են, թէ նախագահ Թրամփ Օգոստոս 8-ին, Սպիտակ Տան մէջ պիտի ընդունի Փաշինեանն ու Ալիեւը»,– «X»-ի իր հաշիւին գրառումով նշած է լրագրողը։

Վարչապետի աշխատակազմէն ո՛չ կը հերքեն եւ ո՛չ կը հաստատեն լուրը

Վարչապետի աշխատակազմէն ո՛չ կը հերքեն եւ ո՛չ ալ կը հաստատեն Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին լուրը։

«Վարչապետ Փաշինեանի՝ ԱՄՆ կատարելիք այցի մասին մամուլում եւ ընկերային ցանցերում շրջանառուող տեղեկութիւնը այս պահին չենք կարող ո՛չ հերքել, ո՛չ հաստատել։ Նման այցերի պարագային, բնականաբար, լինում է պաշտօնական հաղորդագրութիւն եւ տեղեկութիւնը հաստատուած կարելի է համարել պաշտօնական հաղորդագրութեան պարագային»,– նշուած է կառավարութեան լրատուական վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ։

Խմբագրական