Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանական բանակը ռմբակոծած է Սոթքի հայկական դիրքերը. չորս զինուոր վիրաւորուած է

Մայիս 11-ի առտուան ժամը 6-էն, ազերպայճանական բանակը հրետանային եւ ականանետային զէնքերով կրակ բացած է Սոթքի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հայկական կողմը ունի 4 վիրաւոր։ Հակառակորդը կրակած է նաեւ վիրաւորներէն մէկը փոխադրող շտապօգնութեան կառքին ուղղութեամբ։

Հայաստանի զինեալ ուժերը կը ձեռնարկեն համապատասխան պաշտպանական-կանխարգելիչ միջոցներու:

Միւս կողմէ, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ ազերպայճանական լրասփիւռներու տարածած տեղեկութիւնը, որ իբրեւ թէ հայկական կողմը կը գործածէ իրանական անօդաչու սարքեր, չի համապատասխաներ իրականութեան։

«Հայաստանի սպառազինութեան մէջ, ինչպէս նախապէս յայտնել ենք, իրանական անօդաչու սարքեր չկան»,– նշուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: