Մայիս 13-ի առաւօտեան, Բերդ համայնքի Մովսէս գիւղի բնակիչները ընդհատումներով կրակոցներ լսած են։ Այս մասին տաւուշցի լրագրող Ոսկան Սարգսեան Դիմագիրքի իր էջին տեղադրած գրառումով կը հաղորդէ.
«Մայիս 13-ի առաւօտեան, շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ Մովսէս գիւղի բնակիչները կրկին կրակոցներու ձայնը լսած են, որոնք այնքան զօրաւոր եղած են, որ լսուած են Մովսէսէն 16 քմ. Հեռու գտնուող Բերդ քաղաքին մէջ։ Այս առաջին անգամն է, որ ազերի զինուորները կը կրակեն ոչ միայն գիշերը, այլ նաեւ՝ ցերեկը»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։