Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն՝ մեկնաբանելով Կարմիր Խաչի հաղորդագրութիւնը, թէ Յուլիս 29-ին Բերձորի միջանցքէն 15 հիւանդի մարդասիրական փոխադրութեան ընթացքին հիւանդներէն մէկը առեւանգուած է, X-ի (նախկին Թուիթըր) իր հաշիւին գրառումով մը նշած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութիւնը մարդասիրական է եւ ան կը գործէ կողմերու համաձայնութեամբ։ Կարեւոր է, որ Կազմակերպութիւնը կարենայ գործել անվտանգ եւ կանխատեսելի կերպով: