Սեպտեմբեր 19-ին, լրագրողներու հետ զրոյցին՝ վարչապետին յղուած հարցումներէն մէկն ալ վերաբերած է «Թրամփի ուղի»-ովազերպայճանցիներուզէնքուզօրքփոխադրելուվարկածին։
Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած է, թէ առայժմ այդպիսի բան յստակացուած չէ, նման մանրամասնութիւններու շուրջ պայմանաւորուածութիւն չունին, բայց եւ այնպէս աւելցուցած է.
“Մենք մեզ պէտք է հարց տանք՝ մենք ուզո՞ւմ ենք, որ մեր զէնքն ու զօրքն անցնեն Նախիջեւանի տարածքով։ Մեր իրականութեան մէջ կայ այդ խնդիրը, որ մենք խօսում ենք ուրիշների մասին, սակայն չենք խօսում մեր մասին։ Երբ մենք որոշենք, որ մենք ուզում ենք, որ Նախիջեւանի տարածքով դէպի Մեղրի եւ հակառակ ուղղութեամբ զէնք տեղափոխենք, նման թեմայով բանակցութիւններ կ՚անենք”,– յայտարարած է ան։