Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Օգոստոս 4-ի կէսօրուան ժամերուն ազերպայճանցի զինեալները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Վերիշէն բնակավայրէն 4.500 մեթր դէպի հիւսիս-արեւելք գտնուող հատուածին մէջ միջդիրքային ճամբաներու կառուցման աշխատանքներ կատարող փորիչ մեքենայի ուղղութեամբ:
«Տուժած չկայ: Ազերպայճանական կողմին կոչ կ՚ընենք հետաքննելու կրակոցի փաստը եւ հանդէս գալու հրապարակային բացատրութիւններով»,– նշուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն օրը Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հակազդած է՝ յայտարարելով, թէ Վերիշէնի մօտակայքի կրակոցին հետ կապ չունին եւ թէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։