Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Ալիեւ. «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը անխուսափելի է, որքան շուտ, այնքան լաւ»

 Թուրքիա հիւպատոսարան պիտի բանայ Շուշիի մէջ

Յունիս 13-ին, Պաքուի մէջ իր թուրք պաշտօնակցին հետ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը անխուսափելի է, որքան շուտ, այնքան լաւ»:

Ամէն անգամ, երբ մենք տեսակցութիւն կ՚ունենանք [Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հետ], երթեւեկութեան հարցեր կը քննարկենք։ Ներկայի աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ Միջին միջանցքի նշանակութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնայ։ Կասպից ծովէն, ապա Ազերպայճանի տարածքէն անցնող բեռներու ծաւալը հետզհետէ կ՚աւելնայ։ Հետեւաբար մենք Ազերպայճանի մէջ կ՚ընդլայնենք մեր երթեւեկութեան եւ փոխադրական կարելիութիւնները”,շեշտած է Ալիեւ, աւելցնելով, թէ Էրտողանի հետ քննարկած են նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շուտափոյթ բացումը։

Յամենայն դէպս, մենք կ՚աւելցնենք մեր ջանքերը այդ ուղղութեամբ։ Այս միջանցքի բացումը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ բոլոր երկիրներու համար եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի գործարար համագործակցութեան վրայ,– համոզում յայտնած է Ալիեւ:

Էրտողան. «Պատրաստ ենք Շուշայի (Շուշի) մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն բանալու, երբ Ազերպայճան ուզէ, եւ այդ քայլը յստակ ուղերձ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհին, յատկապէ՛ս Հայաստանին»

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է՝ Ազերպայճանի հետ բոլոր բնագաւառներու մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու Անգարայի պատրաստակամութեան մասին։ Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, թէ Անգարա նաեւ պատրաստ է «Պաքուի ուզած պահուն ընդհանուր հիւպատոսութիւն բանալու Շուշայի (Շուշիի) մէջ» եւ այդ քայլը «յստակ ուղերձ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհին, յատկապէ՛ս Հայաստանին»:

Յունիս 13-ի երեկոյեան, թրքական լրասփիւռները կը հաղորդէին, թէ Շուշիի մէջ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսարան բանալու վերաբերեալ որոշումը արդէն կայացուած է։