Նոյեմբեր 13-ին, Ազերպայճանի դատախազը ցմահ բանտարկութիւն պահանջած է Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի համար։
Ինչ կը վերաբերի Արցախի նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ տարեց գերիներու, դատախազը անոնց համար պահանջած է 20 տարի բանտարկութիւն։
Միւս ձերբակալուածներուն համար պահանջուած է 16-էն 19 տարի բանտարկութիւն։
Ռուբէն Վարդանեանի դատական նիստերը դեռ չեն աւարտած։