Ազերպայճան եւ Վրաստան չեն մասնակցիր Երեւանի մէջ կայանալիք «Եւրոնեսթ»-ի համաժողովին

Ազերպայճանական պատուիրակութիւնը չի մասնակցիր «Եւրոնեսթ»-ի խորհրդարանական համաժողովի 12-րդ լիագումար նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28-30 Երեւանի մէջ։ Ըստ ազերպայճանական կողմին, պատճառը Եւրոպական խորհրդարանին ընդունած փաստաթուղթերն ու հռչակագրերն են, որոնք կը հակասեն Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ՝ չեն նպաստեր տարածաշրջանի խաղաղութեան գործընթացին։ Անոնք կ՚ընդգծեն, որ նիստին չմասնակցելու որոշումը կապ չունի համաժողովին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալուն հետ։

Նախապէս, Վրաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը եւս հրաժարած էր Երեւանի նիստէն՝ պատճառաբանելով Եւրոպական խորհրդարանի որոշ անդամներու կողմնակալ դիրքորոշումը եւ Վրաստանի ընդդիմութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը։

***

«Եւրոնեսթ»-ը (Euronest) Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին խորհրդարանական վեհաժողովն է։ Ան կը համախմբէ Եւրոպական խորհրդարանի եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու (ներառեալ Հայաստան, Ազերպայճան, Վրաստան) խորհրդարաններու երեսփոխանները՝ քննարկելու համար քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցեր։