Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ-ԻՐԱՆ – Պայրամով՝ Արաղչիին. «Ազերպայճան թոյլ պիտի չտայ իր տարածքը օգտագործել Իրանի դէմ»

Յունիս 14-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ Իրանի իր պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ հեռաձայնային զրոյցին յայտնած է, թէ «Ազերպայճան երբեք թոյլ պիտի չտայ իր տարածքը օգտագործել երրորդ երկիրներու, ներառեալ՝ դրացի եւ բարեկամ Իրանի դէմ»։

Պայրամով նաեւ ցաւակութիւն յայտնած է Իրանին՝ շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներու մահուան առթիւ։

Կողմերը ընդգծած են խնդիրները դիւանագիտական ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը։