Ազերպայճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ղեկավար ՏՐականա Գոժիչ Օգոստոս 1-ին, այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Ներկայացուցչութիւնը իր գործունէութիւնը Ազերպայճանի մէջ պիտի դադրեցնէ Սեպտեմբերի սկիզբը՝ ընդգծելով, որ այնուհետեւ Ժընեւի կեդրոնին միջոցով Կազմակերպութեան հետ Պաքուի համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Տրականա Գոժիչ գոհունակութիւն յայտնած է փոխադարձ գործակցութեան եւ ա՛յն աջակցութեան համար, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնները ցուցաբերած են ԿԽՄԿ-ին անցնող 33 տարիներու ընթացքին։
Նշենք, թէ ԿԽՄԿ-ն միակ միջազգային կազմակերպութիւնն է, որ կարելիութիւնը ունէր կապ հաստատելու Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներուն հետ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։