Ազերպայճան կը շարունակէ փլցնել գրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Իվանեանի եւ Մարտակերտի մէջ կառուցուած հայկական շինութիւնները։ Լուրը կը հաղորդեն տեղական լրասփիւռները։
Ինչպէս յայտարարած է վերը նշուած շրջաններուն մէջ Ազերպայճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Եուսուպով, պիտի փլցուին մեծ թիւով շինութիւններ։ “Այդ շինութիւնները զգալի «վնաս հասցուցած են» (չակերտները՝ մեր կողմէ) քաղաքներու եւ շրջաններու ճարտարապետական ոճին։ Այդ շէնքերուն մեծ մասը, որոնք չեն պատկանիր «ազերպայճանական ճարտարապետական ոճին, շատ անորակ» (չակերտները՝ մեր կողմէ) էին, այդ պատճառով անոնք կը փլցուին”,– ըսած է ան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։