Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան հանդիսաւոր արարողութեամբ, զինուած զօրքով իր դրօշը բարձրացուցած է Հակարիի կամուրջին վրայ

«Ազատութիւն» – Ազերպայճան հանդիսաւոր արարողութեամբ, զինուած զօրքով իր դրօշը բարձրացուցած է Հակարիի կամուրջին վրայ: «Սահմանային անցակէտը պատրաստ է»,– սահմանապահ զօրքերու գնդապետը զեկուցած է իր գլխաւոր գերագոյն հրամանատարին՝ Իլհամ Ալիեւին:

Այժմ դէպի Արցախ տանող ճանապարհին՝ Հակարիի կամուրջին վրայ կայ ազերպայճանական անցակէտը, իսկ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկին ալ հաստատուած են ազերպայճանցի «բնապահները»։

Պայրամով կը պնդէ, թէ նոր անցակէտը Բերձորի ճամբան թափանցիկ ու ապահով կը դարձնէ

Ապրիլ 26-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ նոր անցակէտը Բերձորի ճամբան թափանցիկ ու ապահով կը դարձնէ։

“Հայկական կողմը Լաչին-Խանքենտի (Բերձոր-Ստեփանակերտ) ճանապարհին ապօրինի գործեր ըրած է եւ Ապրիլ 23-ին սահմանապահ անցակէտի տեղակայումը կ՚ապահովէ այդ ճամբուն անվտանգութիւնը”,– ըսած է ան, աւելցնելով, թէ Ազերպայճան կը փորձէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւել, «սակայն ամէն անգամ դէմ-յանդիման կը գտնուի Հայաստանի ոչ-շինիչ կեցուածքին ու անվերջ գրգռութիւններուն»: