Ազերպայճան ոչնչացուցած է Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուած Այվազովսկիի յուշարձանը

Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս (Իվան) Այվազովսկիի ծննդեան օրը՝ Յուլիս 30-ին, տխուր զուգադիպութեա(՞)մբ հաստատուած է, որ 2021-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուած անոր յուշարձանը ոչնչացուած է բռնագրաւող ազերպայճանական վարչակազմին կողմէ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի Զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործակալութիւնը։

«Յուշարձանի հեղինակն էր քանդակագործ Ս. Շչերփաքով։ Ան նուիրուած էր ոչ միայն համաշխարհային ճանաչում վայելող հայ նկարիչին, այլեւ Արցախը հայկական եւ համազգային մշակութային ժառանգութեան միացնող կապերուն։

Յուշարձանի ոչնչացումը կը հանդիսանայ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ներկայութեան համակարգուած վերացման նոր մէկ վկայութիւնը։ Մենք պիտի շարունակենք փաստագրել, արձանագրել եւ հանրայնացնել մշակութային արժէքներու ոչնչացման արարքները՝ համոզուած ըլլալով, որ անոք պիտի չմոռցուին, եւ միջազգային հանրութիւնը պիտի տայ արժանի գնահատական»,– ըսուած է Գործակալութեան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:  

Զատուլին. «Այվազովսկիի յուշարձանի քանդումը Ազերպայճանի կողմէ պետական մակարդակով խրախուսուող եւ հրահրուող բարբարոսական արարք մըն է»

Ռուսաստանի Պետական Դումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Կոնստանդին Զատուլին յայտարարած է, թէ Ստեփանակերտի մէջ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի յուշարձանի քանդումը Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով խրախուսուող եւ հրահրուող բարբարոսական արարք մըն է։

 

“Այվազովսկին գեղանկարչութեան աշխարհահռչակ հանճար է, որ գնահատուած է ոչ միայն Ռուսական կայսրութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Հայկական մշակութային ազդեցութեան դէմ պայքարող այդ «փառահեղ» մարտիկները, որոնք այսօր կ՚իշխեն նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին վրայ, ըստ էութեան, չեն սահմանափակուած մի՛այն Այվազովսկիի յուշարձանի քանդումով. անոնք ոչնչացուցած են նաեւ մեծ թիւով խաչքարեր”,– ըսած է ռուս երեսփոխանը՝ աւելցնելով, թէ Ազերպայճանի ղեկավարութիւնը կա՛մ աչք կը փակէ այդ բարբարոսական արարքներուն վրայ, կա՛մ ուղղակի կը խրախուսէ զանոնք։

***

Քանի որ այլեւս ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կրնայ արտայայտել մեր ցասումն ու զայրոյթը, գոհանանք պարզապէս կիսելով մեր ընթերցողներուն հետ «մարդս հունէն հանող» սա մանրամասնութիւնն ալ։

Առանց ամօթի կամ յանցաւորի դոյզն զգացումի, Պաքու ամենայն հանգստութեամբ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութենէն պահանջած է ներողութիւն խնդրել Ազերպայճանէն, որովհետեւ ան «անտեսած է ազերպայճանական տեղանուններու յարգանքի սկզբունքը» եւ Այվազովսկիի յուշարձանի քանդումի լուրը հաղորդած է յիշատակելով որպէս արարքի վայր «Ստեփանակերտ»-ը եւ ոչ՝ «Խանքենտի»-ն։ 

Խմբագրական