Ազէրպայճանական քարիւղի SOCAR ընկերութիւնը հրահանգած է Ուքրաինայի տարածքին շտապ օգնութեան եւ հրշէջ կառքերուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող երթեւեկութեան միջոցներուն անվճար վառելանիւթ տրամադրել, ընկերութեան լցակայաններուն մէջ։
Իր կարգին Ուքրաինայի նախագահ Վլատիմիր Զենելսքի յայտարարած է, թէ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քարիւղային մթերքի օգնութիւն խոստացած է իր երկրին։