Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանէն Հայաստան վերադարձած են ութ ռազմագերիներ եւս

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ, Փետրուար 7-ին Ազէրպայճանէն Հայաստան վերադարձած են ութ ռազմագերիներ։

Ազէրպայճանական գերութենէն Հայաստան վերադարձածները օդակայանը դիմաւորած են Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ եւ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիթորին։

Այս առթիւ նախագահ Մաքրոն Թուիթըրի գրառման մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի դիւանագէտներուն եւ զինուորականներուն, որոնք զօրաշարժի ենթարկուած էին այս գործողութիւնը յաջողցնելու համար։

Ազէրպայճանի  գերիներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովին համաձայն՝ Պաքու հայ գերիները վերադարձուցած է Արցախեան առաջին պատերազմին սպանուած զինուորականներու եւ պարզ քաղաքացիներու մասին տեղեկութիւններ ստանալու փոխարէն։

Նշենք, թէ գերիները Պաքուէն Երեւան փոխադրուած են ֆրանսական օդանաւով։

Միւս կողմէ, ՀՀ քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Վարդան Թադէոսեան յայտնած է, թէ նոյն օրը վերադարձած բոլոր գերիները կը հարցաքննուին, առանց այլ մանրամասնութիւններ հաղորդելու։