Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճան կրակ բացած է սահմանի արևմտեան հատուածի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Նահատակուած է հայ զինուոր մը

Մարտ 7-ի կէսօրին, Ազէրպայճանի զինեալները նշանառու կրակ բացած են հայ-ազէրպայճանական սահմանի արևմտեան հատուածը գտնուող հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է լուրը, տեղեկացնելով, թէ հրացանաձգութեան հետեւանքով երկու հայ զինուորներ վիրաւորուած են, որոնցմէ մէկը՝ յիսնապետ Հրաչ Մանասարեան, մահացած է հիւանդանոց փոխադրութեան ճանապարհին։

Վիրաւորուած միւս զինուորի կեանքին վտանգ չի սպառնար։

ՀՀ ԱԳՆ-ն անհրաժեշտ կը նկատէ սահմանագիծէն զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացումը եւ դէտերու ներկայութիւնը

Մարտ 7-ին Ազէրպայճանի զինուած ուժերուն կողմէ հրադադարի խախտումին վերաբերեալ ՀՀ ԱԳՆ-ն հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ դատապարտելով հայ զինուորի սպանութիւնը և ընդգծելով, որ այս եւ նմանօրինակ միջադէպերը, հրադադարի պարբերական խախտումները ա՛լ աւելի կը հիմնաւորեն Հայաստան-Ազէրպայճան սահմանագիծէն զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացման եւ սահմանագօտիին մէջ դէտերու ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը կ՚ակնկալէ, որ Ազէրպայճանի գրգռիչ գործողութիւններուն ու յայտարարութիւններուն պատշաճ գնահատական կը տրուի միջազգային հանրութեան կողմէ: