Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճան հրապարակած է Հայաստանին կատարուած հինգ առաջարկները

Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հինգ կէտերէ բաղկացած առաջարկներու թղթածրարը, զոր կու տանք ստորեւ.-

1 – Իրարու ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան փոխադարձ ճանաչում։

2 – Իրարու նկատմամբ հողային պահանջներու բացակայութեան փոխադարձ հաստատում եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութիւն։

3 – Խուսափիլ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ իրարու ապահովութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ եւ ուժ կիրարկելէ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամատեղելի այլ հանգամանքներէ։

4 – Պետական սահմանի զատում եւ գծում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում։

5 – Երթեւեկութեան ուղիներու բացում, համապատասխան այլ հաղորդակցութիւններու հաստատում, եւ համագործակցութիւն՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ բնագաւառներու մէջ:

*  *  *

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մարտ 14-ին յայտարարած է, թէ պատասխանած է Ազէրպայճանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն։ ՀՀ ԱԳՆ-ն նաեւ դիմած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ Ազէրպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար։