Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ ընդվզած է, որ երէկ «մահացու զէնք» որակուած «Պայրաքթար»-ը այսօր «հրեշտակ» կը կոչեն

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արեւմտեան երկիրները մեղադրած է երկակի չափանիշ գործադրելու յանցանքով։

“Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին, երբ Ազերպայճան «Պայրաքթար» անօդաչու սարքերու օգնութեամբ «կ՚ազատագրէր իր հողերը» (չակերտները՝ «ՆՅ»), օտար փորձագէտներն ու լրասփիւռները զայն կ՚անուանէին «մահացու զէնք»։ Սակայն այժմ, Ուքրաինայի մէջ Ռուսաստանի սկսած յատուկ գործողութեան ժամանակ, անոնք այս անօդաչուսարքը կ՚անուանեն «հրեշտակ»”,– ըսած է Ալիեւ։

“Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ երկակի չափանիշ, ա՛յս է մեր հանդէպ անարդարութիւնը, եւ ա՛յս է իրականութիւնը”,– ընդգծած է ան։