Ալիեւ կը շարունակէ գործածել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, Փաշինեան կը շեշտէ, որ Հայաստանի տարածքին չի կրնար ըլլալ նման անունով ենթակառոյց

Հակառակ անոր, որ ուաշինկթընեան բանակցութիւններէն ետք ստորագրուած հռչակագրին մէջ՝ Հայաստանէն անցնող եւ Ազերպայճանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ճամբան անուանուած է «Թրամփի ուղի», Ալիեւ կը շարունակէ զայն կոչել «Զանգեզուրի միջանք», ինչպէս որ կրկնած է դեռ Սեպտեմբեր 9-ին։ Հարցը բնականաբար խնդրոյ առարկայ ենթակառոյցին միայն անուանումը չէ, այլեւ անոր առնչուող՝ սահմանուած, ստորագրուած կարգավիճակը՝ մէկուն պարագային, աշխարհաքաղաքական յետին նպատակները՝ միւսին պարագային։  

Ալիեւի այս «սայթաքում»-ները կ՚անհանգստացնեն բնականաբար նաեւ Իրանը, որ միշտ դէմ եղած է Ազերպայճանի հսկողութեան ենթակայ նման «միջանցք»-ի մը գոյութեան։ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի Սեպտեմբեր 9-ին յայտարարած է.  “Ոչ մէկ միջանցք պիտի ըլլայ. պարտադրանքով ոչինչ կարելի է։ Ոչ մէկ բան կայ, զոր կարելի է անուանել «միջանցք»։ Այդ ճանապա՛րհ է։ Ո՛չ Խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին եւ ո՛չ ալ ստորագրուած հռչակագրին մէջ (երկուքն ալ ԱՄՆ-ու մասնակցութեամբ — «ՆՅ») միջանցքի որեւէ յիշատակում կայ”,– նշած է Սոպհանի։

***

Ազգային ժողովին մէջ Սեպտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի բաժնին՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Արուսեակ Ջուլհակեան վարչապետին ուշադրութեան յանձնած է, որ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններէն յետոյ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ գործածել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, որ կը հակասէ Օգոստոս 8-ի հռչակագրին մէջ օգտագործուած «Թրամփի ուղի» անուանումին:

Փաշինեան ի պատասխան այս նկատողութեան՝ յայտարարած է. “Գոյութիւն ունի առարկայական իրականութիւն, եւ գոյութիւն ունեն ենթակայական ընկալումներ: Առարկայական իրականութիւնը հետեւեալն է, որ Հայաստանն ու Ադրբեջանը Ուաշինգտոնում եւս մէկ անգամ ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, սահմանների անխախտելիութիւնը: Եւ սրանից բխում է, որ ՀՀ տարածքով կարող են գոյութիւն ունենալ այնպիսի կապուղիներ, որոնց վերաբերեալ որոշում կայացնում է ՀՀ-ն, եւ որոնց հետ կապուած ձեռք են բերուել պայմանաւորուածութիւններ”:

Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրի լուսապատճէնը, ուր իր ստորագրութեամբ արձանագրուած է, որ Հայաստանի տարածքին պիտի ըլլայ TRIPP («Թրամփի ուղի») անունով ենթակառոյց:

“Բայց դա ամբողջ պատմութիւնը չէ: Ամբողջ պատմութիւնն այն է, որ այս արձանագրութեան տակ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգների նախագահի ստորագրութիւնը: Բայց դա էլ ամբողջ պատմութիւնը չէ: Ամբողջ պատմութիւնն է, որ այս արձանագրման տակ կայ նաեւ Ադրբեջանի նախագահի ստորագրութիւնը”,– ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ գծած ու ստորագրած են այն շրջանակը, թէ ի՛նչ է եւ ինչի՛ մասին են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններն ու ապաշրջափակումը:

Ան ընդգծած է նաեւ, որ այդ փաստաթուղթի 4-րդ կէտին արձանագրուած է՝ TRIPP նախագիծը Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու քննարկման օրակարգի հարց է:

“Հարց կը ծագի՝ Ադրբեջանն ինչ կապ ունի այդ թեմայի հետ: Կապը հետեւեալն է՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի հաղորդակցութիւնները պէտք է կպնեն իրար: Բայց TRIPP նախագիծը Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ քննարկման հարց է: Եւ դրա տակ կայ ոչ միայն Հայաստանի վարչապետի, ոչ միայն Միացեալ Նահանգների նախագահի, այլ նաեւ Ադրբեջանի նախագահի ստորագրութիւնը”,– ըսած է Փաշինեան:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան ու ԱՄՆ՝ յանձինս իրեն եւ Թրամփի, ստորագրած են մտադրութիւններու յուշագիր՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի զարգացման մասին:

“Դրանով ԱՄՆ-ն եւ մենք պայմանաւորուել ենք, որ նախագիծը իրականացուելու է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, սահմանների անխախտելիութեան սկզբունքի հիման վրայ: Եւ ԱՄՆ-ն հետաքրքրուած է այդտեղ ներդրումներ անելով: Սա է առարկայական իրականութիւնը, մնացածը ենթակայական իրականութիւն է”,– ըսած է ան:

Փաշինեան յստակ շեշտած է, որ Հայաստանի տարածքին չի կրնար ըլլալ Ալիեւի նշած անունով ենթակառոյց:

“Բայց ես չեմ կարող բացառել նաեւ, որ այդ անունը Ադրբեջանում առարկայական եւ ենթակայական հանգամանքների բերումով այնքան ժողովրդական է դարձել, որ Ադրբեջանը կարող է իր տարածքով անցնող որեւէ ենթակառուցվուածք, այդ թւում այն ենթակառուցուածքներից, որը պէտք է միանայ Թրամփի ուղուն, անուանել ցանկացած անունով: Բայց դա ՀՀ ինքնիշխան տարածքի, ՀՀ օրակարգի, Ուաշինգտոնում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների հետ որեւէ կապ չունի”,– եզրափակած է վարչապետը: