Ալիեւ կը շարունակէ հակահայկական խօսոյթը. «Չկա՛յ Սեւանայ լիճ, կա՛յ Գէօյչա լիճ»

Ազերպայճանի նախագահը, ելոյթ ունենալով Ազերպայճանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, անգամ մը եւս հանդէս եկած է Հայաստանի տարածքին եւ պատմութեան վերաբերեալ կեղծ թեզերով ու տարածքային նկրտումներով՝ կոչ ընելով ազերպայճանցիներուն «վերադառնալ իրենց պատմական հողերը՝ ներկայ Հայաստան»։

Ալիեւ յայտարարած է, թէ ազերպայճանցիները, իբր, երբեք չեն տառապած «անջատողականութեան հիւանդութեամբ» եւ, ընդհակառակը, կը նպաստեն այն երկիրներուն պետականութեան զարգացումին, ուր կ՚ապրին։ Այս համածիրին մէջ ան փորձած է մեղմել իր յաւակնութիւններուն յարձակողական բնոյթը՝ նշելով, որ իր կոչը պէտք չէ վախցնէ հայ ժողովուրդը։Ես արդէն ըսած եմ՝ մենք պէտք է հոն վերադառնանք ոչ թէ հրասայլերով, այլ ինքնաշարժներով, յայտարարած է ան՝ յանձնարարելով պետական կառոյցներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ գիտնականներուն աշխատիլ այս ուղղութեամբ։

Այդ քաղաքականութիւնը «գիտական» հիմքերու վրայ դնելու համար, Ալիեւ դիմած է ազերպայճանցի գիտնականներուն՝ մեղադրելով հայկական կողմը եւ սփիւռքը պատմութիւնը խեղաթիւրելով։ Ան պահանջած է հակադրուիլ ատոր «գիտական ճշմարտութիւններով»։

Գիտնականները արդէն բազմաթիւ աշխատանքներ կատարած են այս նիւթով, բայց անհրաժեշտ է աւելին՝ հետազօտութիւններ, ցուցահանդէսներ, հրապարակումներ, պատմական քարտէսներ։ 20-րդ դարու սկիզբի հին ռուսական կայսերական քարտէսները յստակ ցոյց կու տան, որ այսօրուան Հայաստանի տարածքին վրայ գրեթէ բոլոր տեղանունները ազերպայճանական ծագում ունին. չկա՛յ Սեւանայ լիճ, բայց կա՛յ Գէօյչա լիճը”,յայտարարած է Ալիեւ։

Շարունակելով պատմութեան զեղծումը՝ ան աւելցուցած է, թէ իբր այդ քարտէսները կազմած է ցարական Ռուսաստանը, որ «ժամանակին հայերը Իրանէն եւ Արեւելեան Անատոլիայէն տեղափոխած է Ղարաբաղ՝ ցեղային կառոյցը փոխելու համար»։ Անոր համաձայն, այդ քարտէսները «պատմական ճշմարտութեան ցոլացումն են», եւ զանոնք պէտք է ուսումնասիրել ու տարածել։

Յիշեցնենք, որ տարիներ առաջ Ալիեւ Պաքու կազմակերպուած ցուցահանդէսներէն մէկուն զաւեշտալի իրավիճակի մէջ յայտնուած էր՝ հին քարտէսներու մէջ փնտռելով եւ չգտնելով Ազերպայճան անունով պետութիւն մը։