Ալիեւ կը պատրաստուի համաներում հռչակելու 

Աւելի քան 20 հազար հոգի պիտի օգտուի անկէ, բայց խօսքը չկայ հայ գերիներուն

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Սահմանադրութեան եւ ինքնիշխանութեան տարուան» ծիրէն ներս հանդէս եկած է համաներման մասին օրէնքի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները։

Ըստ նախագիծին՝ համաներումը պիտի տարածուի այն անձերուն վրայ, որոնք մասնակցած են «Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան համար մղուած ռազմական գործողութիւններուն», ներառեալ՝ 2020-ի պատերազմին եւ 2023 Սեպտեմբեր 19-20-ի ռազմական գործողութիւններուն։ Որոշումը կ՚ընդգրկէ նաեւ այդ մասնակիցներուն հարազատներն ու խոցելի խումբերը, զանոնք ազատելով պատիժէ կամ քրէական պատասխանատւութենէ։

Կը նշուի, որ համաներումը ընդհանուր առմամբ պիտի կիրարկուի աւելի քան 20 հազար հոգիի նկատմամբ։ Մասնաւորապէս՝ աւելի քան 5000 դատապարտեալ ազատ պիտի արձակուի, աւելի քան 3000 հոգիի պատիժի շրջանը պիտի կրճատուի, իսկ աւելի քան 7000-ը պիտի ձերբազատի ազատութեան սահմանափակումէն։ Ասկէ զատ, շուրջ 4000 դատապարտեալ պիտի ազատի պայմանական դատավճիռներէ, իսկ աւելի քան 1000 անձ՝ քրէական պատասխանատւութենէ։

Ինչպէս կ՚երեւի, դժբախտաբար, որեւէ ակնարկութիւն չկայ հայ գերիներուն մասին։