Ալիեւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կրկին արտասանած է «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը

Որքան ալ զաւեշտական ըլլայ՝ նկատի ունենալով խնդրին լուրջ բնոյթը, հարցինպիտիչմօտենանքայդտեսանկիւնէն։

Բանն այն է, որ Հայաստանի մէջ որոշ քաղաքագէտներ գործբան թողած, որոշ ատենէ ի վեր կը հետեւին Ալիեւի բառամթերքին։ Հազիւ թէ անոնք կարճատեւ ալ ըլլայ՝ «ծոմ» մը որսացեր էին Պաքուի բռնատիրոջ բերնէն, որ քանի մը օր բերանը չէր առեր «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը, ահա թէ ան կրկին աւրած է այդ «ծոմ»-ը եւ այն ալ՝ ՄԱԿի ամպիոնէն։ 

Արդարեւ, Սեպտեմբեր 26-ին Ալիեւ ՄԱԿի ամպիոնէն արտասանած իր ճառին մէջ կրկին օգտագործած է «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը, երբ խօսքը կը վերաբերէր Ուաշինկթընի համաձայնութիւններուն։

Ուաշինկթընի վեհաժողովի առանցքային արդիւնքներէն մէկն էր «Թրամփի ուղի»-ն, որ պիտի ապահովէ անխոչընդոտ կապ Զանգեզուրի միջանցքով եւ պիտի խթանէ տարածաշրջանային կապերը,– յայտարարած է Ալիեւ՝ նշելով, թէ Երեւան եւ Պաքու նախաստորագրած են խաղաղութեան պայմանագիրը եւ այդ առնչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Թրամփին:

Ի տարբերութիւն Փաշինեանի, որ յաջորդ օր իր ելոյթէն խնամքով պիտի բացառէր իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, զոր կարելի է համարել թշնամական՝ հանդէպ Ազերպայճանի, Ալիեւ ընդհակառակն կարեւոր հատուած մը յատկացուցած է Հայաստանի ուղղուած մեղադրանքներուն` «30-ամեայ բռնագրաւում»-էն մինչեւ «ռազմական ոճիրներ» ու մասամբ նորին: