Ալպանիոյ վարչապետը կատակած է Հայաստանը իր երկրին հետ շփոթելու Թրամփի վրիպակով

ԱՄՆու նախագահ Թրամփ ելոյթներէն մի քանիին մէջ իր միջնորդութեամբ գոյացած ուաշինկթընեան համաձայնագրերով հպարտանալու ատեն, փոխանակ Հայաստան ըսելու՝ սխալած ու տուած էր Ալպանիոյ անունը:

Գոփընհակընի մէջ Ֆրանսայի եւ Ազերպայճանի նախագահներուն հետ զրոյցի ընթացքին Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամա չէ մսխած առիթը ու կատակած է Թրամփի այդ վրիպակին շուրջ

Արդարեւ, համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթին մէջ Ռամա Մաքրոնին կ՚ըսէ, որ ան (Մաքրոն) պէտք է ներողութիւն խնդրէ իրմէ, քանի որ զինք չէ շնորհաւորած Ալպանիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար

Ի պատասխան՝ բոլոր ներկաները կը ծիծաղին, իսկ Մաքրոն շատ ցաւ կը յայտնէ չշնորհաւորելուն համար։