Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Ազգային գրադարանի «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս մակեդոներէնի թարգմանուած է արձակագիր, գրականագէտ, շարժանկարի բեմագիր, թարգմանիչ Ակսել Բակունցի «Ալպիական մանուշակ» պատմուածքը։
Բակունց սոյն պատմուածքը գրած է 1925–1927 թուականներուն։ Ան ընդգրկուած է «Սեւ ցելերի սերմնացանը» ժողովածուին մէջ։
«Ալպիական մանուշակ»-ը hեղինակը նուիրած է Արփենիկ Չարենցի յիշատակին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։