Մարտ 26-ի կէսօրուան ժամերուն, Ազէրպայճանի զինեալ ուժերը կրկին դիմած են ռազմական գործողութիւններու` տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներ կիրարկելով եւ փորձելով յառաջխաղացք ապահովել Արցախի Հանրապետութեան արևելեան սահմանագօտիին ուղղութեամբ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ: