Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հռոմի պապին հետ եւ զայն հրաւիրած Հայաստան

Սեպտեմ­բեր 16-ին, Հռոմի Սրբա­զան քա­հանա­յապետ Լե­ւոն 14-րդ՝ Ամե­նայն հա­յոց Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսը ըն­դունած է Գաս­թէլ Կան­տոլֆո­յի առա­քելա­կան պա­լատին մէջ։

Գլուխ-գլխի զրոյ­ցի ըն­թացքին Գա­րեգին Բ. շնոր­հա­ւորած է Լե­ւոն 14-րդը՝ Հռո­մի պապ ընտրուելուն եւ անոր 70-րդ տա­րեդար­ձին առի­թով ու զայն հրա­ւիրած է Հա­յաս­տան։

Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը նշած է, որ եր­կու Եկե­ղեցի­ներու միջեւ եղ­բայրա­կան կա­պերը ամ­րապնդուած են հան­դի­պումնե­րու եւ հա­ւատ­քի հա­մատեղ վկա­յութիւննե­րու մի­ջոցով՝ յի­շեց­նե­լով եր­ջանկա­յիշա­տակ Սուրբ Յով­հաննէս-Պօղոս Բ. պա­պի այ­ցե­լութիւ­նը Հա­յաս­տան 2001-ին, ապա 2016-ին եր­ջանկա­յիշա­տակ Փրան­կիսկոս պա­պի՝ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րընկա­լումը «Այց առա­ջին քրիս­տոնեայ եր­կիր» ուխտագ­նա­ցութեան առիթով: Գա­րեգին Բ. վստա­հու­թիւն յայտնած է, որ եր­կու Եկե­ղեցի­ներու յա­րաբե­րու­թիւննե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն զար­գա­նալ նոյն եղ­բայրա­կան ոգիով ու ջեր­մութեամբ։

Զրոյ­ցի ըն­թացքին հո­վուա­պետե­րը անդրա­դար­ձած են նաեւ աշ­խարհի վրայ պա­տահող ար­հա­ւիրքնե­րուն ու մտա­հոգիչ զար­գա­ցումնե­րուն, Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղովուրդին առ­ջեւ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւուող փոր­ձութիւննե­րուն։ 

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Հռո­մի Սրբա­զան քա­հանա­յապե­տին ներ­կա­յացուցած է Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղահա­նուած­նե­րու խնդիր­նե­րը, Ար­ցա­խի մէջ ոչնչաց­ման վտան­գի դէմ-յան­դի­ման հայ­կա­կան հո­գեւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան, ռազ­մա­գերի­ներու եւ պա­տանդնե­րու ազատ ար­ձակման հրա­մայա­կանը։

Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը այցելած է նաեւ Հռո­մի Սուրբ Մա­րիամ տաճարը, ուր եր­ջանկա­յիշա­տակ Փրան­կիսկոս պա­պի շի­րիմ­ին առ­ջեւ աղօ­թած է անոր հոգ­ւոյն հանգստու­թեան համար։