Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաւէրով պիտի գումարուի եպիսկոպոսաց ժողով

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, ի հետեւումն Նոյեմբեր 4-7 Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն, Դեկտեմբեր 10-12 կը հրաւիրուի եպիսկոպոսաց ժողով՝ քննութեան առնելու համար Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ վերջին զարգացումները եւ ներեկեղեցական կեանքին առնչուող հարցեր։