Ապրիլ 25-ին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի տարածքին մէջ, «Արալեզ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ամէնամեայ ծաղկահաւաք, որուն ընթացքին հաւաքած են Ապրիլ 24-ին անմար կրակին մօտ դրուած ծաղիկները՝ անոնց երկրորդ կեանք տալու նպատակով։
Հաւաքուած ծաղկաթերթերը կ՚օգտագործուին ձեռակերտ վերամշակուած յուշագրեր, շնորհակալագրեր, բացիկներ, մոմեր պատրաստելու համար:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։