ԱՄՆ – Շարժարուեստ – Հայ դերասաններու մասնակցութեամբ նկարահանուած «Անորա»-ն կը շարունակէ արձանագրել մեծ յաղթանակներ

Հայ դերասաններ Կարէն Գարակիւլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ «Անորա» վիպերգական կատակերգութիւնը, որ շարժարուեստի հսկայ ընկերութիւններէն անկախ նկարահանուած ժապաւէն մըն է, կը շարունակէ իր յաջողութիւնները։ Արդարեւ, ֆիլմը շահած է երեք կարեւոր մրցանակներ 2025-ի «Անկախ Ոգիի մրցանակաբաշխութեան» (Independent Spirit Awards) ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 22-ին, Սանթա Մոնիքայի մէջ, Գալիֆորնիա:

Ժապաւէնը շահեցաւ Լաւագոյն ֆիլմի, Մայքի Մետիսընի լաւագոյն գլխաւոր դերակատարման եւ Շոն Պեյքըրի լաւագոյն բեմադիրի մրցանակները «Անկախ Ոգի»-ի 40-րդ տարեկան հանդիսութեան ընթացքին: «Անորա»-ի այս յաղթանակները կը յաջորդեն ժապաւէնին վերջերս արձանագրած լաւագոյն շարժանկարի յաղթանակներուն՝ Քննադատներու ընտրութեան եւ Արտադրիչներու միութեան մրցանակաբաշխութիւններուն: