1991-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ ԱՄՆ-ու իշխանութիւնները, Գոնկրէսի մէջ երկկուսակցական համախոհութեան ներքոյ կը քննարկեն Հայաստանին զէնք վաճառելու հարցը, որպէսզի հայկական պետութիւնը կարենայ պաշտպանուիլ Ազերպայճանի յարձակումէն եւ ցեղային զտումէ:
Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։