Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի անդամը կոչ ուղղած է աւելցնելու Արցախէն տարհանուածներու աջակցութիւնը և պատասխանատւութեան ենթարկելու Ազէրպայճանը

ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճոշ Կոթհայմըր,– որ նախորդ օր (Փետրուար 17-ին) հանդիպում ունեցած էր Ազէրպայճանի կողմէ 2020 Սեպտեմբեր 27-ին հրահրուած 44-օրեայ պատերազմի հայ գաղթականներուն հետ,– Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է.-

«Այս շաբաթ հանդիպում ունեցայ 44-օրեայ պատերազմէն տուժած  հայ գաղթականներուն հետ: Անոնց պատմութիւնները լսելէ և անոնց երախաները տեսնելէ ետք, ակնյայտ է, որ պէտք է ընենք աւելի՛ն՝ տեղի ունեցած կոտորածները ճանչնալու ու Ազէրպայճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու համար:

Իբրեւ հրեայ Ամերիկացի՝ լաւատեղեակ եմ ցեղային փոքրամասնութիւններու թիրախաւորման: ԱՄՆ աւելի՛ պէտք է կանգնի Հայերու կողքին՝ ընդլայնելով Արցախէն տեղահանուածներուն աջակցութիւնը և դադրեցնելով Ազէրպայճանին օգնութիւնը»։