ԱՄՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Ռուպիօ եւ Պառօ քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան ապահովման հարցը

Օգոստոս 4-ին, ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարներ Մարքօ Ռուպիօ եւ Ժան-Նոէլ Պառօ հեռաձայնային զրոյց ունեցած են քննարկելով Կազայի մարդասիրական իրավիճակն ու հրադադարի հասնելու ջանքերը, Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմի աւարտին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Սուտանի մէջ շարունակուող հակամարտութեան առնչուող հարցեր։ Լուրը կը հաղորդէ ԱՄՆ-ու ԱԳ նախարարութիւնը՝ այս կապակցութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Երկուստեք վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ ապահովելու, որ Իրան երբեք չկարենայ ձեռք ձգել կամ մշակել հիւլէական զէնք։

Խմբագրական