Հայազգի հոլիվուտեան դերասանուհի Անժելա Սարաֆեան մարմնաւորած է Սիւփըրմենի կենսաբանական մայրը՝ Լարա Լոր-Վանը, Ճեյմս Կանի սպասուող «Սիւփըրմեն» ֆիլմին մէջ։ Սիւփըրմենի հօր՝ Ճոր-Էլի դերը ստանձնած է Պրետլի Գուփըր։
Ֆիլմի բեմագրութեան ու բեմադրութեան հեղինակն է Ճեյմս Կան։ Գլխաւոր դերակատարն է Տեյվիտ Քորենսվեթ, որ հանդէս կու գայ Քլարք Քենթի (Սիւփըրմեն) կերպարով։
Ֆիլմին մէջ Սիւփըրմեն կը փորձէ համատեղել իր այլամոլորակային ծագումն ու զինք որդեգրած ընտանիքին հետ ունեցած կապը։
Այնպէս կը թուի, թէ Անժելա Սարաֆեանի բաժինը կարճ է ֆիլմին մէջ, բայց եւ այնպէս խորհրդանշական ու տպաւորիչ։
Մինչ Սիւփըրմենի սիրահարները անհամբերութեամբ կը սպասեն այս նոր ֆիլմին, Սարաֆեանի ընտրութիւնը կը հանդիսանայ նշանակալի երեւոյթ մը հայկական ներկայացուցչութեան տեսանկիւնէն՝ հսկայական պիւտճէով շարժանկարչական արտադրութիւններուն մէջ։
Ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը նախատեսուած է 2025 Յուլիս 11-ին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։