Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Թուիթըրի իր հաշիւին հետեւեալը գրած է.
«Ազերպայճան կ՚օգտագործէ “Ոչ մէկ բեւեռի միացած երկիրներու շարժում”-ի եւ անոր նախագահութեան հարթակը՝ յարձակողական ու հակահայկական քարոզչութեան համար, այդ կարգին՝ խեղաթիւրելով պատճառները և Արցախի հակամարտութեան էութիւնը, այսպէսով խախտելով թէ՛ Շարժումի, թէ՛ ալ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներն ու միջազգային ատեաններու որոշումները»: