Նետերլանտներու խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն կը պարզուի, որ Անի Զալինեան երեսփոխանական լիազօրագիր ստացած է՝ դառնալով երկրի պատմութեան մէջ առաջին հայազգի ներկայացուցիչը Նետերլանտներու խորհրդարանին (Tweede Kamer) մէջ։
Անի Զալինեան թեկնածու առաջադրուած էր GroenLinks-PvdA դաշինքին («Կանաչներ–Աշխատաւորական կուսակցութիւն») կողմէ։ Անոր ընտրուիլը կը խորհրդանշէ ազգային բազմազանութեան եւ ներգրաւման կարեւոր յառաջընթաց մը նետերլանտական քաղաքական ասպարէզին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Նետերլանտներու մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան երէկ՝ Հոկտեմբեր 29-ին։