Մեր թերթի 2210 թիւով (2025 Հոկտեմբեր 18), էջ 3-ի վրայ արձագանգած էինք լուրի մը, որ կը վերաբերէր Շահան արք. Սարգիսեանի՝ վարչապետ Փաշինեանի տուած այցելութեան։
Նախ նշենք, որ սխալ էր Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնին վերագրումը Շահան արքեպիսկոպոսին. ան նախկի՛ն առաջնորդն է այդ թեմին, իսկ ներկայիս մատենադարանապետն է Անթիլիասի կաթողիկոսարանին։
Բայց ասոր կողքին կայ շատ լուրջ հարց մը։
Ի՞նչ եղած է վարչապետ Փաշինեանի Շահան արք.-ի հետ տեսակցութեան բովանդակութիւնը։
Հոկտեմբեր 16-ի երեկոյեան, երբ կը պատրաստէինք թերթը մամուլին յանձնելու, այս մասին հասանելի էին միայն հայաստանեան լուրերը (որոնց աղբիւրը տրամաբանականօրէն վարչապետին լրատուական համակարգը ըլլալու էր), ուր կը խօսուէր սիրալիր տեսակցութեան մը մասին։ Կ՚ըսուէր, թէ Շահան արք. Արամ Ա.-ի գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ հրատարակուած հատորէն օրինակ մը նուիրած է վարչապետին,– որուն համար վերջինս ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնած է,– ապա նաեւ ան վարչապետին հաղորդած է Արամ Ա.-ի ողջոյններն ու օրհնութիւնը։ Մէկ խօսքով բացարձակէս ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մը պատկերը կը տրուէր։
Եւ այսքանին հիման վրայ՝ նոյնիսկ հեռատեսիլի վիճարկումներ նուիրուած են այս նիւթին։ Օրինակ՝ ծանօթ եւ յարգարժան լրագրող Վահրամ Աթանէսեան հիւրն էր Free News կայանին՝ մեկնաբանելու համար Արամ Ա.-ի հաղորդած օրհնութիւնը։ Բայց հոս եւս ոչ մէկ խօսք՝ Շահան արք.-ի բերնէն որեւէ ժխտական արտայայտութեան մասին։
Մինչդեռ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքէջը Փաշինեան—Շահան արք. հանդիպումին կ՚արձագանգէր յաջորդ օր՝ Հոկտեմբեր 17-ին, հետեւեալ տողերով։
«Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Մաշտոցեան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան «Կիլիկիա» Մատենադարանի եւ Հայաստանի մշակութային կեդրոններու հետ գործակցութեան տարբեր մակարդակները եւ այդ ծիրէն ներս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Մաշտոցեան Մատենադարանի գործակցութեան ներկայ հանգրուանը: Այս առիթով, սրբազան հայրը պարոն վարչապետին յանձնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած յատուկ քաթալոկը։ Պարոն վարչապետը այս առթիւ իր շնորհակալութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց Հայրապետին։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու եկեղեցի—պետութիւն յարաբերութեան։ Շահան սրբազան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց եկեղեցի—պետութիւն գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Միաժամանակ ան արծարծեց հոգեւորականներու ձերբակալութեան հարցը եւ այդ գծով անհրաժեշտ լուծումներ որոնելու հրամայականը»։
***
Եւ նոյն կայքէջին մէկ այլ լրատւութեան մէջ ալ կ՚ըսուէր։
Ամիսներ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային կերպով դատապարտած էր հոգեւորականներու ձերբակալութիւնը եւ նոյնիսկ միջնորդներու ճամբով առաջարկած էր դադրեցնել այս ոչ—ընդունելի երեւոյթը։ Նորին Սրբութիւնը այժմ հովուապետական այցելութեան մէջ ըլլալով (Ան կը գտնուի Գանատա — «ՆՅ») եւ մօտէն իմանալով շարունակուող ձերբակալութիւնները, դարձեալ կը դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը պարտականութիւն տուած է այժմ մշակութային առաքելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին, որ իր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը փոխանցէ քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն եւ նոյնիսկ վարչապետին։ Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը այն է, թէ կարելի փութով պետութիւն—եկեղեցի ներկայ վատառողջ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ, եւ մեր ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ մեր ազգի երկու կարեւոր սիւներուն՝ պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ըլլայ սերտ ու ամուր»։
***
Ինչպէս կ՚երեւի, կողմերէն մէկուն վեր առած կարեւոր մէկ հանգամանքը միւսը չ‘արծարծեր, եւ փոխադարձաբար։ Այսինքն, վարչապետին լրատուական շրջանակը կը խօսի նուէրի, ողջոյնի, օրհնութեան մասին ու բոլորովին զանց կ՚առնէ դատապարտումներու, զգուշացումներու, մտահոգութիւններու բաժինը։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ,– ինչպէս անոր կայքէջին վրայ լոյս տեսած վերեւի լուրերէն ալ ի յայտ կու գայ,– բնաւ խօսքը չ՚ըներ օրհնութեան եւ կը խօսի դատապարտումներու, զգուշացումներու, մտահոգութիւններու մասին։
Եւ դեռ ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել ՀՅԴ—ի Բիւրոյի ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը, որ կը շեշտէ կացութեան բարդ հանգամանքը.
«Ականատես ըլլալով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ ՀՀ իշխանութիւններու սանձազերծած յարձակումներուն ու հալածանքներուն եւ հակազգային գործունէութեան՝ ՀՅԴ Բիւրոն բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ այդ բոլորին հեղինակ անձը արժանացնել Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն․Ս․Օ․Տ․Տ. Արամ Ա.-ի յատուկ ուշադրութեան, որ արդարօրէն Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հայութեան բուռն ընդվզում յառաջացուցած է։
Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցածը ծրագրուած յարձակում է ոչ միայն Հայ եկեղեցւոյ, այլեւ հաւատաւոր ողջ հայ ժողովուրդին, անոր ինքնութեան եւ ազգային նկարագրին վրայ, եւ երբեք կարելի չէ զայն ընկալել իբրեւ եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ հակամարտութիւն։
Այս օրերուն ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ բարձրաստիճան հոգեւորականներու կալանաւորումն ու եկեղեցւոյ թիրախաւորման դատապարտելի վարքագիծը հրամայական պահանջքը կը ստեղծէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կաթողիկոսական աթոռներու համընդհանուր ճիգերով պաշտպանել հայ ժողովուրդի կեանքին բացառիկ ազգային արժէքը ներկայացնող եկեղեցին։
Մեր յորդորն է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ երկու Կաթողիկոսներու սերտ համագործակցութեամբ եւ իրենց շուրջ համախմբուած մեր ժողովուրդի անմնացորդ աջակցութեամբ Հայ Եկեղեցին պաշտպանել ամէն տեսակ քանդիչ, հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը խաթարող եւ նսեմացնող ներքին ու արտաքին ոտնձգութիւններէն։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
17 Հոկտեմբեր 2025»
Արդարեւ, նոյն նիւթին անդրադարձ մը կատարուեցաւ 17 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կայացած եւ «Հայկական սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ հայրենիքը» խորագիրը կրող հանդիպման ընթացքին: Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Երեւանէն՝ Իշխան Սաղաթէլեան, Լիբանանէն՝ Յակոբ Բագրատունի, Ֆրանսայէն՝ Մուրատ Փափազեան եւ Իրանէն՝ Սեւան Դանիէլեան:
Հանդիպման աւարտին, հարցադրումներէն մին կ՚առնչուէր վերոնշեալ նիւթին, թէ արդեօք արդարացուա՞ծ է այս օրերուն նման հանդիպում իշխանութեան հետ: Հարցումը ուղղուած էր Յակոբ Բագրատունիին, որուն պատասխանը եղաւ.
«Այո՛, Արամ Վեհափառի այս նախաձեռնութիւնը այս օրերուն անընդունելի է, երբ վարչապետի աթոռին նստած անձնաւորութիւնը իր հակաեկեղեցական հալածանքներով ոչ մէկ ձեւով կը զիջի: Կարելի է մտածել որ վարչապետական կողմէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը պակասաւոր է եւ կ՚ուզենք հաւատալ որ Վեհափառ հօր կողմէ Շահան սրբազան ունեցած է անհրաժեշտ երկխօսութիւնները եւ [խնդրոյառարկայկէտերը] յանձնած վարչապետին ուշադրութեան: Այսօր, Բիւրոյին կողմէ լոյս տեսաւ համայն Դաշնակցութեան կարծիքը, որ ի՛մ ալ կարծիքն է»: