Եթէ բացառենք խորհրդային շրջանի փակագիծը, որուն ընթացքին Հայաստանի գոյութիւնը պաշտպանուած էր Մոսկուայի ամբողջական հնազանդութեան գինով, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնը՝ Մայիս 28-ը, մեզի կը յիշեցնէ այն գոյութենական վտանգը, որ անոր հիմնադրութենէն աւելի քան մէկ դար ետք դեռ կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Ազերպայճան կը հանդիսանայ վտանգաւոր թշնամին, որ կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան, Թուրքիոյ լիարժէք նեցուկը վայելելով, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, որ միաժամանակ կը յաւակնի ըլլալ Հայաստանի պատմական դաշնակիցը։
Չորս մեծ դիւանագիտական իրադարձութիւններով յատկանշուեցաւ 2025 Մայիս ամիսը՝ ընդգծելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նոր ուղղութիւնը, որ կը բնութագրուի իր հաւասարակշռուած մօտեցումով՝ Արեւմուտքին մերձեցումով եւ Ռուսաստանի հետ,– անվստահութենէ մղուած,– պատմական ու դաշնակցային ռազմավարական յարաբերութեանց զոհ չերթալու, այլ՝ փոխշահաւէտ գործակցութիւն հաստատելու միտումով։
Նախ՝ Մոսկուայի մէջ, Մայիս 9-ին, վարչապետ Փաշինեանի՝ Մեծ Հայրենական պատերազմի 80-ամեակի տօնախմբութեան մասնակցութեան երեւոյթը, որ դրական ընդունելութիւն գտաւ ռուս ղեկավարներու շրջանակին մէջ։ Երկրորդ կարեւոր երեւոյթը՝ երկար ժամանակ ետք, ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան պաշտօնական այցն էր։ Այս երկու իրադարձութիւնները ազդանշան են ռուս-հայկական երկկողմանի յարաբերութիւններու ջերմացման՝ վերջին տարիներու շարունակական վատթարացման համածիրին մէջ։ Այսպէսով, հայ քաղաքական ղեկավարները կը փորձեն հաւասարակշռել իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը, որ մինչ այդ կը բնութագրուէր Ռուսաստանէն հեռանալով ու Արեւմուտք մերձենալով, մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտման ընթացքին Ռուսաստանի ցուցաբերած ձեռնթափութեան պատճառով։
Ի դէպ, Լաւրովի այցելութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով հայ հասարակութեան մէկ մասին մէջ Ռուսաստանի հանդէպ կուտակուած զայրոյթը արտայայտուեցաւ փողոցը «Փութին մարդասպան» եւ նման կարգախօսերով։ Նաեւ, Լաւրովի եւ իր հայ գործընկերոջ՝ Արարատ Միրզոյեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսը բացայայտեց խորունկ ճեղքեր, երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու փոխընբռնումներուն միջեւ։ Լարումի առարկաները բազմաթիւ էին, մասնաւորապէս Երեւանի մասնակցութեան սառեցումը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), 2023-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի յարձակման ընթացքին Ռուսաստանի դասալքութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն զէնքի գնումի պարագան…
Միւս երկու նշանակալի իրադարձութիւններն են, մէկ կողմէ՝ վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը Մայիս 16-ին Թիրանայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, որուն ընթացքին ան հանդիպեցաւ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, եւ միւս կողմէ՝ Հայաստան այցը՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառոյի, որ շատ սիրալիր ընդունուելութիւն գտաւ ի տարբերութիւն Լաւրովի։ Պառոյի այցը, տեղի ունենալով Մայիս 26-27-ին՝ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային համաժողովի շրջանակին մէջ, կը վկայէր ֆրանսական կողմի Հայաստանին նեցուկ կանգնելու կայուն յանձնառութեան մասին եւ ցոյց կու տար Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ շարունակական մերձեցման գործընթացը։
Զարմանալին այն է որ Ազերպայճան ճարպիկ կերպով օգուտ կը քաղէ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի բախումէն, որոնք զինք կը համարեն իրենց ռազմավարական գործընկերը, թոյլ տալով որ ան շարունակաբար Հայաստանի հանդէպ իր սպառնալիքները վերանորոգէ։ Միւս կողմէ, այս բախումը նաեւ թոյլ կու տայ Հայաստանին օգտուիլ Ռուսաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններէն եւ Արեւմուտքէն՝ քաղաքական ու դիւանագիտական աջակցութիւն ստանալ, ինչ որ կը նպաստէ Հայաստանի սպառազինման ու անոր անվտանգութեան ամրապնդման։ Իրան, որ դէմ է Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի տարածքային նկրտումներուն, իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչ որ կարեւոր ապաւէն է այս միջազգային չարաբաստիկ ժամանակներուն։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։