Աշխարհի ամենախաղաղ երկրներու ցանկին մէջ Հայաստան 58-րդ է, իսկ Թուրքիա՝ 146-րդ

«Համաշխարհային խաղաղութեան ցուցիչ»-ը (Global Peace Index) հրապարակած է 2025-ի աշխարհի երկիրներու խաղաղութեան ցուցանիշը։ 

Պետութիւններու ցանկին մէջ ընդգրկուած է 163 երկիր։ Ըստ արդիւնքներուն՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք պետական մակարդակով հակամարտութիւնները զգալիօրէն աւելցած են։ Իսկ բազմաթիւ երկիրներ մեծցուցած են իրենց ռազմականացումը, մինչդեռ որոշ երկիրներու յաջողուած է պահպանել խաղաղութիւնը։

2025-ի աշխարհի ամենախաղաղ երկրներու ցանկը ստորեւ՝

  1. Իսլանտա
  2. Իրլանտա
  3. Նոր Զելանտա
  4. Աւստրիա
  5. Զուիցերիա
  6. Սինկափուր
  7. Փորթուկալ
  8. Դանիա
  9. Սլովենիա
  10. Ֆինլանտա

Հայաստան կը գրաւէ ցանկին 58-րդ տեղը, Ազերպայճան՝ 95-րդ տեղը, Վրաստան՝ 109-րդ, Իրան՝ 142-րդ, իսկ Թուրքիա՝ 146-րդ։

Թուրքիան այն 14 երկիրներէն մէկն է, որ ընդգրկուած է աւելի քան 5 արտաքին հակամարտութեան մէջ։ Այդ հակամարտութիւններու շարքին գլխաւորներն Սուրիան եւ Եթովպիան։ Կը նշուի, որ Պաղ պատերազմէն ի վեր իրենց համաշխարհային ազդեցութիւնը ընդլայնող երկիրներու թիւը եռապատկուած է ու այդ երկիրներու շարքին են Թուրքիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Վիեթնամը եւ Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւնը։