Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 28-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ սկսած է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ոչ-պաշտօնական վեհաժողովը։
ԱՊՀ-ի ստեղծման 30-ամեակին նուիրուած վեհաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Ազէրպայճանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի, Տաճիկստանի, Թիւրքմէնստանի և Ուզպէքստանի ղեկավարները:
Հանդիպումին քննարկուած են ԱՊՀ-ի շրջանին մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաև համաճարակի դէմ համընդհանուր պայքարին ուղղուած միջոցներ:
Համաժողովը աւարտած է ԱՊՀ-ի պետութիւններու առաջնորդներու ոչ-պաշտօնական ճաշով: