Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ապրիլեան ոգեկոչումները՝ Փարիզեան շրջանին մէջ

Անցեալ շաբաթավերջին, Փարիզեան շրջանի հայահոծ արուարձաններուն մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններով ոգեկոչուեցաւ Ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը։ 

Ալֆորվիլ

Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ, «Աշտարակ» հրապարակին վրայ գտնուող Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին շուրջ համախմբուած հայութիւնը եւ տեղական բարձրաստիճան պաշտօնատարները ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու յարգանքի տուրք մատուցեցին մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։ Ներկաներու կարգին էին քաղաքեպետ Լիւք Գարվունաս, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, երեսփոխան Իզապէլ Սանթիակօ, ինչպէս նաեւ հայ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ։

Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի աշակերտներուն կողմէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգի կատարումէն ետք, ելոյթներ ունեցան Տիկին Տոլմաջեան, քաղաքապետը, Յովհաննէս Գէորգեան եւ քաղաքի հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ կոմիտէի ներկայացուցիչները։