Կիրակի, Ապրիլ 24-ին, Անժէ քաղաքը (Մեն-է-Լուառի նահանգ) ոգեկոչեց 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը, ըստ 2019 Ապրիլ 10-ի թիւ 2019-291 հրամանագրին։
Առաւօտեան Անժու-Լիբանան ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ մատուցուեցաւ երկու պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց, Ասորիներու եւ Քաղդէացիներու 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերուն, մէկը Անժէի Սեն-Մօրիս տաճարին մէջ, իսկ միւսը նոյն քաղաքի Նոթր-Տամ տէ Վիքթուար տաճարին մէջ:
Կէսօրէն ետք՝ նախաձեռնութեամբ Անժէի ֆրանքեւհայկական միութեան, ժամը 15-ին, ԱՆժէի Լըքլէռ հրապարակին վրայ գտնուող Նահատակներու յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հանրապետական արարողութիւն մը։
Մեն-է-Լուառի նահանգապետը կը ներկայացնէր անոր փոխանորդը՝ պարոն Պընուա։
Ընտրական օր ըլլալով՝ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ չէին կրցած ներկայ ըլլալ։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մօտ յիսուն մասնակիցներու ներկայութեամբ, ի շարս որոնց՝ Անժու-Լիբանան ընկերակցութեան հիմնադիր եւ նախագահ տիկին Իզապէլ տ՚Ափրինեի եւ զօր. Ժան-Միշէլ Պիլեմճեան:
Անժու-Լիբանան ընկերակցութեան համահիմնադիր տիկին Վարդանեանի դաշնակի արձանագրեալ երաժշտութեամբ՝ Շառլ Ազնաւուրի խօսքերու ընթերցումէն ետք, արտասանուեցաւ ելոյթ մը, ուր վերյիշուեցաւ Պատմութիւնը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի եւ Ուքրաինայի ներկայ իրադարձութիւններուն։
Այնուհետեւ, երախաները արտասանեցին Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաստեղծութիւններ եւ պարեցին Եսայի Ալթունեանի մէկ եղանակով («Չեմ մոռանայ»):
Փոխնահանգապետը ելոյթ չունեցաւ, տրուած ըլլալով որ՝ ան կը գտնուէր ընտրութեան բերմամբ՝ «հանրապետական լռութեան» պարտադրանքին տակ։
Հուսկ, յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին փոխնահանգապետն ու Ընկերակցութեան նախագահուհին։
ԱՆԺԷԻ ՖՐԱՆՔԵՒՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ■