Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Առաջնագիծի երկայնքին հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած, կացութիւնը կը մնայ լարուած

Մարտ 29-էն 30 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Արցախի առաջնագիծի երկայնքին հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական կացութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած։ Ազէրպայճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած։ Լուրը հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը, շեշտելով որ՝ Արցախի իշխանութիւնները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ եւ դիւանագիտական տարբեր միջոցներով կը շարունակեն հետեւողական աշխատանքները՝ ուղղուած հակառակորդի ուժերը իրենց նախկին դիրքեր վերադարձնելուն և ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման:

Նշենք, թէ ռուս խաղաղապահները իրենց թելեկրամեան ալիքով նոր տեսանիւթ մը հրապարակած են, որ ըստ երևոյթին Փառուխ գիւղէն առնուած է, ուր Մարտ 24-էն ի վեր Ազէրպայճանի զօրքը տեղակայուած է։ Տեսանիւթին մէջ ռուսական բարձր երաժշտութեան ձայն կը լսուի, ըստ ամենայնի, ի պատասխան ազէրպայճանական կողմի՝ բարձրախօսով հնչող նամազին։

Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանը հաղորդած էր, թէ տարբեր գիւղերու մէջ թշնամին կը շարունակէ բնակիչները գիւղը լքելու հրաւիրող կոչերը։

Այս կացութեան մէջ Խրամորթէն ու Փարուխէն շուրջ 200 բնակիչ տեղահանուած է, կիներ, երախաներ ու ծերեր։ Անոնց մէկ մասը հարազատներու, բարեկամներու տուներուն մէջ հաստատուած է, իսկ միւս մասը՝ վարձքով բնակարան գտած է։