ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆ – Տուպայի համալսարանի եւ Հայաստանի ԳԱԱ-ի Բնապահական կեդրոնի միջեւ յուշագիր ստորագրուած է

Ապրիլ 8–ին, Տուպայի մէջ, տեղւոյն համալսարանի (University of Dubai) եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Բնապահական գիտահետազօտութիւններու կեդրոնին (CENS) միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։

Յուշագրով կը նախատեսուի միասնական նախաձեռնութիւններ՝ բնապահական գիտութիւններու եւ նորարարութիւններու բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ արբանեակային հեռազննութեան արհեստագիտութիւններու հոլովոյթին մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ։