Դատարանը ընդառաջած ըլլալով Քննչական կոմիտէի դիմումին՝ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեան երկու ամիս եւս բանտը պիտի մնայ։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած է փաստաբան Ռոման Ահարոնեան, որ անհիմն կ՚որակէ դատարանի որոշումը։
Մկրտիչ Սրբազանը կալանաւորուած էր Հոկտեմբերին։ Ան կը մեղադրուի երկու յօդուածներով՝ խոչընդոտել ընտրական իրաւունքը՝ իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները օգտագործելով, եւ մարդիկ հարկադրել հաւաքներուն մասնակցելու՝ նոյնպէս լիազօրութիւնները օգտագործելով։
Մկրտիչ եպիսկոպոս չ՛ընդունիր այս մեղադրանքները։