Արագածոտնի թեմի Ներքին Բազմաբերդ գիւղի վերանորոգուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին շուտով իր դռները կը բանայ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ, 2024-էն ի վեր կը շարունակուին Արագածոտնի թեմի Ներքին Բազմաբերդ համայնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:

1990-ական թուականներուն հիմնադրուած եկեղեցին հակառակ իր անմխիթար վիճակին սիրելի սրբատեղի դարձած է համայնքի բնակիչներուն համար, որոնց ջանքերով իրագործուած են բարեկարգման աշխատանքները:

Եփրեմ Բաղի բարերարութեամբ սկսած եկեղեցւոյ վերանորոգման մեծածաւալ գործը իր աւարտին կը մօտենայ եւ աղօթատեղին շուտով իր դռները կը բանայ հաւատացեալներուն առջեւ։