Արամ Ա. կաթողիկոս Կիրիլ պատրիարքին հետ հանդիպումին բարձրացուցած է հայ գերիներու հարցը

Ղազախստան տեղի ունեցած միջկրօնական միջազգային վեհաժողովի շրջանակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսհանդիպումունեցածէԿիրիլպատրիարքինհետ։

Ղազախստանի հրաւէրով կայացած վեհաժողովի բացման նիստին  ելոյթ ունեցած են Կիրիլ պատրիարք եւ Արամ Ա. կաթողիկոս։ Այնուհետեւ երկու հոգեւոր առաջնորդները հանդիպում մը ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են Հայ եւ Ռուս եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները։

Առանձին անդրադարձ եղած է նաեւ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու հարցին։

Մեր ժողովուրդը մեծապէս երախտապարտ պիտի ըլլայ նախագահ Փութինին եւ Կիրիլ պատրիարքին, Արցախի կրօնական եւ պատմամշակութային կառոյցներու պահպանման եւ հայ բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակման հարցերով եթէ իրենց անհրաժեշտ միջամտութիւնը կատարեն Ազերպայճանի իշխանութիւններուն քով,– շեշտած է Արամ Ա. կաթողիկոս։

Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։