Արամ Պաչեանի «PF» վէպը՝ յունարէնով

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» ծրագրի շրջանակէն ներս յունարէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Արամ Պաչեանի «PF» (ПФ) վէպը։

Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է Երեւան, 2020-ին, «Էջ» հրատարակչութեան կողմէ։ Խմբագիրն է Սեւակ Ղազարեան։

Արամ Պաչեանի PF-ը նոր հատուածային վէպ մըն է ու նոր մօտեցում կեանքի եւ յիշողութեան հետ երկխօսելու մասին: Այս հատորին մէջ կը հանդիպին հին ու նոր Երեւանը, Գետառը, անհետացած թրամվայը եւ «մինակ» մարդը, որ ինքզինք կը փնտռէ իր յիշողութիւններու քաղաքին, իր զգացումներու եւ ապագայի երազանքներուն մէջ։

Յիշեցնենք, թէ 2021-ին «PF»-ը արժանացած էր Եւրոպական Միութեան գրական մրցանակին։ Այդ տարի Հայաստան առաջին անգամ կը ներկայանար սոյն կարեւոր գրական հարթակին վրայ։

Խմբագրական